|
Ստորեւ վերատպւած Երւանդ Օտեանի
յուշագրութիւնը Գրիգոր Զոհրապի եւ Յովհաննէս Սերինգուլեանի
(Վարդգէսի) աղէտալի սպանութեան մասին առաջին անգամ հրատարակւել է
1918 թւականին "Արիամարտ" օրաթերթում: Երւանդ Օտեանը ինքը քանի
ամիս անց կտրել է նոյն ճամբան եւ լաւ է գիտակցում ինչ տառապանք են
ապրել պոլսահայ երկու մտաւորականները: Այս յուշագրութիւնում մի
հատւած կայ, որն առաւել ուշադրութեան է արժանի: Ձերբակալման օրը
Զոհրապ մինչեւ կէս գիշեր թուղթ խաղալիս է եղել Թալեաթի հետ: Իսկ
բաժանւելիս Թալեաթը նրան համբուրել է: Մի խօսքով, Ապրիլի 24-ի
գիշերը Պոլսում ձերբակալւած մտաւորականները ոչ միայն Օսմանեան
կառավարութեան դէմ պայքարող յեղափոխականներ էին, այլ նաեւ
մտաւորականներ, որոնք սերտ բարեկամական կապերի մէջ էին Իթթիհադական
իշխանութեան հետ: Եւ սակայն դա չի փրկում նրանց: Ասես անհատական
բարեկամութիւններից վեր ինչ-որ անխուսափելի կամք նրանց բոլորին
մղում է դէպի մահ տանող ճանապարհը: Դեռեւս մի քանի շաբաթ այդ դաժան
գիշերւանից առաջ, Կոմիտասը դաշնամուր է նւագում պետական
հանդիսութիւնում եւ հանդիսապետը մեծ գնահատանքով է խօսում նրա ու
հայերի մասին: Այնուամենայնիւ տեղի է ունենում քանի հարիւր հայ
մտաւորականների ջարդը: Զոհրապի նման մտաւորականների սպանութիւնը
յօդւածում նկարագրւած է դաժան ձեւով, որն աւելի սարսափելի է
դառնում, երբ հասկանում ենք, որ նա հայկական ջարդերի կազմակերպիչ`
Թալեաթ բէյի հարազատ ընկերն է եղել:
Ռ.Ս.

ԶOՀՐԱՊԻ ՄԱՀՒԱՆ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆԻ
ՎԱՒԵՐԱԳԻՐ- ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԻՒՆՈՒՄ
Ա
Պոլիսէն մինչեւ Ուրֆա, իրենց ցաւատանջ ուղեւորութեան միջոցին, երկու
նահատակները, Զօհրապ եւ Վարդգէս, գուրգուրոտ ակնածանքով մը ողջունուած
են Հայերուն կողմէ: Երբ իրենց աքսորումէն երկու ամիս ետքը ես ալ նոյն
ճամբով մինչեւ Հալէպ գացի, տեսայ, որ իրենց յիշատակը ամենուն մտքին մէջ
դեռ վառ մնացած էր: Գոնիա, Ատանա, Հալէպ, ամէն տեղ այդ անդրանիկ
զոհերուն վրայ կը խօսէին: Հակառակ ոստիկանական հսկողութեան` շատ Հայեր,
վտանգը աչք առնելով, գացած տեսնուած էին իրենց հետ ու հիմա
երկիւղածութեամբ կը վերյիշէին անոնց վերջին խօսքերը:
Ամէնուն վրայ խորին տպաւորութիւն թողած էր Զօհրապի ընկճուած վիճակը.
մինչ Վարդգէս զուարթ անտարբերութեամբ եւ ծիծաղկոտ դէմքով մը կը
շատախօսէր իրենց մօտեցողներուն` Զօհրապ հազիւ լռութիւնը կը խզէր քանի
մը խօսք արտասանելու համար: Ամբողջ ժամեր անընդհատ կը ծխէր, մտածմունքի
մէջ ընկղմած:
Վարդգէս, միշտ լաւատես, կը ջանայ եղեր մխիթարել ու սրտապնդել իր
բարեկամը, բայց ի զո՜ւր:
- Մեզի մեռցնել կը տանին,- կը կրկնէ եղեր Զօհրապ:
Հալէպի մէջ, Պառօն Օթելի տէրը` Պ.Մազլըմեան, քանիցս ճաշի կը հրաւիրէ
երկու տարագիրները, որովհետեւ հոն գտնուած ատեննին բաւական լայն
ազատութիւն տրուած է եղեր իրենց: Տիկին Մազլըմեան պատմած է ինծի, թէ
սեղանին վրայ ախորժակով կուտէր Վարդգէս, մինչդեռ Զօհրապ հազիւ քանի մը
պատառ կառնէր, ան ալ ստիպումներով: Յաճախ լալով կը յիշէր իր կինն ու
զաւակները:
Զօհրապ իր ձերբակալման պարագաները պատմած է Պ.Մազլըմեանին: Կարժէ, որ
յիշենք զանոնք:
Ձերբակալման գիշերը Զօհրապ Սէրքլը տրիանի մէջ մինչեւ կէս գիշեր թուղթ
խաղացեր է Թալէաթ փաշայի եւ Խալիլ պէյի հետ: Յետոյ ոտքի կելլէ մեկնելու
համար: Թալէաթ ինքն ալ ոտքի կելլէ ու մօտենալով Զօհրապի` անոր երեսը կը
համբուրէ:
Համակրանքի այս անսովոր ցոյցը կը շփոթեցնէ Զօհրապը:
-Ինչո՞ւ համար այս համբոյրը,- կը հարցնէ:
-Սրտէս բխաւ,- կը պատասխանէ միւսը:
Զօհրապ դուրս կելլէ սրահէն չափազանց յուզուած: Նախազգացումը կունենայ,
թէ այդ համբոյրը աղետաւոր նշան մըն է:
Դուրսը տաք ու գեղեցիկ գիշեր մըն էր: Կորոշէ հետիոտն երթալ մինչեւ իր`
Այազ Փաշայի բնակարանը:
Հազիւ ճամբայ ելած` կը նշմարէ, որ մէկը կը հետապնդէ զինքը: Պահ մը կը
խորհի, որ թերեւս սխալ ենթադրութիւն մըն է ըրածը եւ փողոցին միւս կողմը
կանցնի: Մարդն ալ կը հետեւի իրեն: Զօհրապ քայլերը կ՛արագէ, նոյնը կընէ
զինքը հետապնդողը, վերջապէս` անհամբեր ետին կը դառնայ եւ կըսէ.
-Արդեօք զի?ս կը հետապնդէք:
-Այո,- կը պատասխանէ միւսը, որ ոստիկանութեան քօմիսէր մըն է եղեր:
-Ինչո՞ւ համար...
-Այնպէս հրաման եղած է ինծի:
-Գիտէ՞ ք, թէ ես ով եմ:
-Այո, Զօհրապ էֆէնտին:
-Բայց սխալմունք մը ըլլալու է,- կը գոչէ խեղճը,- ես հիմա Ներքին Գործոց
նախարարին հետ էի...
-Կրնայ ըլլալ, բայց ինծի տրուած հրամանը բացարձակ է եւ ստիպուած եմ
հպատակելու:
Զօհրապ, ճարահատ, ճամբան կը շարունակէ ու կը հասնի բնակարանը, որուն
դրան առջեւ ոստիկան մը կը սպասէր: Քօմիսէր եւ ոստիկան ափարթըմանին
սանդուխներէն վեր, կը հետեւին իրեն:
-Ի՞նչ է ձեզի տրուած հրամանը,- կը հարցնէ Զօհրապ:
-Ձեզ ոստիկանատուն տանիլ:
-Հիմա՞, անմիջապէ՞ս...
-Այո, անմիջապէս:
-Եւ եթէ երթալ չուզիմ:
-Այն ատեն բռնի պիտի տանինք:
-Չէ՞ք գիտեր, որ ես մէպուս եմ:
-Գիտենք, բայց մեզի տրուած հրամանը բացարձակ է:
Քօմիսէրը կը յայտնէ նաեւ, որ հետեւեալ առտու իսկ, այսինքն քանի մը
ժամէն, ճամբայ պիտի ելլէ, հետեւաբար անհրաժեշտ գոյքերը կրնայ հետը
առնել:
Զօհրապ կը մտնէ իր բնակարանը, ձայն կուտայ իրեններուն, եւ ափյափոյ
պայուսակ մը պատրաստելէ ետքը կուգայ կը յանձնուի երկու ոստիկաններուն,
իր կնոջ ու աղջկան ողբ ու կոծին միջեւ:
Նոյն միջոցին եւ քիչ մը տարբեր պայմաններու մէջ կը ձերբակալուի նաեւ
Վարդգէս, եւ առտուն կանուխ երկուքը միասին կը բերուին Հայտար Փաշայի
կայարանը: Իրենց կընկերանան եղեր ոստիկան մը եւ սիվիլ հագնուած լրտես
մը:
Ոստիկանը կուզէ երրորդ կարգի վակօնի մը մէջ մտցնել երկու
աքսորականները, Վարդգէս եւ Զօհրապ կընդդիմանան: Ոստիկանը կը պնդէ,
առարկելով, թէ վակօնը յատկապէս պատրաստուած է իրենց համար: Երկու
տարագիրները ձայն կը բարձրացնեն ու կը պահանջեն, որ առաջին վակօնով մը
տարուին:
Երկու կողմէն ձայները հետզհետէ կը բարձրանան: Ի վերջոյ Զօհրապ գրպանէն
25 ոսկինոց թուղթ մը կը հանէ, ոստիկանին կուտայ եւ կըսէ, որ առաջին
կարգի չորս տոմսակ առնէ իրենց համար:
-Եթէ ոչ,- կըսէ,- տեղ մըն ալ չեմ երթար:
Ոստիկանը կը ստիպուի տեղի տալ, անշուշտ 25 ոսկիէն աւելցած գումարն ալ
գրպանելու յոյսով:
Ու այսպէս ճամբորդութիւնը կը կատարուի առաջին կարգով:
Հայտար Փաշայի կայարանին Հայ պաշտօնեաները ճանչնալով Զօհրապը, կերթան
իմաց տալու Պ. Անտօն Թարաքի, որ կը փութայ վար իջնել, առանց գիտնալու,
թէ Զօհրապ ինչ պարագաներու տակ կը ճամբորդէ: Այս վերջինը, երբ կը
նշմարէ Պ. Թարաքը, որ դէպի իրեն կուգայ, ձեռքովը նշան կընէ, որ
չմօտենայ: Պ. Թարաք, որ վերադարձիս այս մանրամասնութիւնը պատմեց,
աւելցուց.
-Խեղճ Զօհրապը չափազանց յուզուած, տժգոյն եւ ընկճուած տեսայ:
Վակօնին անկիւնը քաշուած, լուռ ու մունջ, անընդհատ կը ծխէր, մինչեւ
կառախումբին ճամբայ ելլելը:
Բ
Գոնիա հասնելնուն` երկու տարագիրները ընդունուած են մէկ քանի Հայերու
կողմէ, որոնք փութացած են իրենց ձեռքէն եկած օգնութիւնը ընելու,
հակառակ սպառնացող վտանգին:
Ոստիկանները թոյլ տուած են տեսակցիլ պայմանաւ, որ թուրքերէն խօսին: Այդ
պայմանին տակ բնականաբար խօսակցութիւնը շատ աննշան եղած է:
Ատանա նոյնպէս հայրենակիցներ, իմանալուն երկու ծանօթ Հայերուն
ժամանումը, փութացած են կայարան: Իրենցմէ մէկը, Միհրան Պօյաճեան, ծանօթ
վաճառական մը, մօտակայ կայարանի մը համար տոմսակ առնելով, յաջողած է
Զօհրապի ու Վարդգէսի հետ տեսակցիլ հայերէն լեզուով, եւ հարցնել, թէ
ի՜նչ ծառայութիւն կրնայ մատուցանել իրենց:
-Մեր ընտանիքներուն լուր տուէք ասկէ անցնելնիս, ըսած է Զօհրապ,- ուրիշ
ծառայութիւն չենք սպասեր ձենէ:
-Դրամի եթէ պէտք ունիք, յայտնեցէք:
-Չէ, շնորհակալ ենք, դրամի պէտք չունինք առ այժմ:
-Ո՞ւր կը տանին ձեզ:
-Տիարպէքիր, դատուելու համար, բայց չեմ կարծեր, որ մինչեւ այնտեղ
հասնինք:
Եւ Վարդգէս զուարթ ձայնով աւելցուցած է.
-Տիարպէքիրի բանտը արդէն ծանօթ է ինծի, աղէկ բանտ մը չէ, բայց աւելի
գէշերը կան: Կը տեսնաք սա գորգը, Տիարպէքիրի բանտին մէջ իմ ընկերս եղած
է, հիմակ ալ միասին կերթանք կոր: Հին բանտակիցներ ենք:
Հալէպի մէջ, ինչպէս լսի, Զօհրապ եւ Վարդգէս բաղդատաբար բա-ւական
ազատութիւն վայելած են, շնորհիւ կուսակալին, որ Զօհրապի հին ծանօթ մըն
է եղեր:
Այդ ազատութենէն օգտուելով` տեղացի մէկ քանի հայեր ծրագիրը կը յղանան
փախցնելու երկու տարագիրները:
Յանդուգն ծրագիր մը թէեւ, բայց ոչ անգործադրելի: Արաբ ուղտապաններու
միջոցաւ երկու աքսորականները Պէյրութ կամ Տրիպոլիս փոխադրել կառաջարկեն
ու հոնկէ նաւով Կիպրոս անցնիլ: Այդ միջոցին Սուրիական ծովեզերքներու
վրայ հսկողութիւնը շատ խստացած չէր ու այդպիսի փախուստ մը կրնար
յաջողիլ: Վարդգէս հաւանութիւն կը յայտնէ, սակայն Զօհրապ կընդդիմանայ ու
բացարձակապէս կը մերժէ, առարկելով, թէ իր առողջութիւնը չի ներեր
այդպիսի արկածախնդրութեան մը մէջ նետուիլ:
-Եթէ կուզես` դուն փախիր,- կըսէ Վարդգէսին:
Բայց Վարդգէս չհաւանիր երբեք իր բարեկամը լքանելու:
-Ինչ որ ալ ըլլայ, քենէ չեմ բաժնուիր,- կը պատասխանէ:
Զօհրապ ան ատեն կը մտածէ դիմում ընել Ճէմալ փաշայի եւ անոր
աջակցութիւնը խնդրել եւ այս մտքով գիր մը կուղղէ Սուրիոյ դիկտատորին:
Զօհրապի այդ վերջին գրութիւնը, պերճախօս թուրքերէնով մը գրուած, ինչպէս
ինծի հա-ւաստեց Պ.Մազլըմեան, անպատասխանի եւ ապարդիւն կը մնայ եւ
վերջապէս երկու աքսորականները Հալէպէն ճամբայ կելլեն դէպի Ուրֆա:
Չեմ գիտեր, թէ որչափ կը մնան Ուրֆա, թերեւս մէկ երկու օր միայն ու
հոնկէ կառքով կը մեկնին դէպ ի Տիարպէքիր, միշտ ոստիկանական
հսկողութեամբ:
Ահռելի եղեռնը տեղի կունենայ Ուրֆայէն քանի մը ժամ անդին: Թուրք
չէթէներու խումբ մը կը պաշարէ կառքը: Չէթէներու պետը, ինչպէս լսեցի
Հալէպի մէջ, Խալիլ պէյը եղած է, Էնվէրի մէկ ազգականը, որ յետոյ Պաղտատի
թրքական բանակին հրամանատար կարգուեցաւ, անշուշտ Զօհրապն ու Վարդգէսը
սպաննելու քաջագործութեանը իբրեւ վարձատրութիւն:
Ոճրագործները կառքը կը կեցնեն եւ կը հրամայեն երկու աքսորաականներուն
կառքէն վար իջնել: Զօհրապ կիջնէ, մինչ Վարդգէս կը պօռայ.
-Ոչ, վար չեմ իջներ, կառքին մէջ մեռցուցէք զիս:
Այսպէս կը նահատակուին Զօհրապ եւ Վարդգէս, հայ ազգին երկու ազնուական
զաւակները:
Կառապանը, որ ինքզինք թուրք կեղծող հայ մըն է եղեր, կը վերադառնայ
Հալէպ եւ ինք է, որ պատմած է եղելութիւնը իր մանրամասնութիւններով:
Չէթէները` բնականաբար` կը կողոպտեն իրենց զոհերը:
Զօհրապի նշանտուքի մատանին ու ժամացոյցը ծախուած են Հալէպի մէջ: Իր
ֆէսը, կը գտնուի եղեր, չեմ գիտեր ինչպէս, միսիօնարուհիի մը քով:
Վարդգէսէն որեւէ հետք չէ մնացած:
Թող իրենց յիշատակը անջինջ մնայ ամենուս մտքին մէջ:
1918
«Յոյս»
թիւ 96
20 Ապրիլ 2011
|